bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Psalms 101
Psalms 101
armenian-1853
1
Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պիտի երգեմ։ Ո՛վ Տէր, քեզի սաղմոս պիտի ըսեմ։
2
Իմաստութիւնով պիտի քալեմ կատարելութեան ճամբուն մէջ. Ե՞րբ ինծի պիտի գաս։ Իմ տանս մէջ սրտիս կատարելութիւնով պիտի վարուիմ։
3
Աչքերուս առջեւ շատ բան պիտի չդնեմ, Մոլորածներուն գործը կ’ատեմ, Թող անիկա ինծի չփակչի։
4
Ծուռ սիրտը թող զատուի ինծմէ։ Չարը պիտի չճանչնամ։
5
Ան որ ծածուկ կը խօսի իր ընկերին դէմ, պիտի ջնջեմ. Ան որ աչքերով բարձր է ու սրտով ամբարտաւան՝ Անոր պիտի չհամբերեմ։
6
Իմ աչքերս երկրի հաւատարիմներուն վրայ ըլլան, Որպէս զի ինծի հետ բնակին։ Կատարելութեան ճամբուն մէջ քալողը Ինծի ծառայութիւն պիտի ընէ։
7
Նենգաւորը պիտի չբնակի իմ տանս մէջ. Սուտ խօսողը աչքերուս առջեւ պիտի չհաստատուի։
8
Առտուն կանուխ պիտի ջնջեմ երկրին բոլոր ամբարիշտները, Որպէս զի Տէրոջը քաղաքէն բոլոր անօրէնութիւն գործողները կորսնցնեմ։
← Chapter 100
Chapter 102 →