bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Joshua 16
Joshua 16
armenian-1853
1
Յովսէփի որդիներուն վիճակը այսպէս ելաւ։ Անոնց սահմանը Երիքովի դէմ Յորդանանէն Երիքովի ջուրին արեւելեան կողմէն այն անապատը կ’երթայ, որ Երիքովէն լեռնակողմը՝ Բեթէլ կ’ելլէ
2
Ու Բեթէլէն Լուզ կ’ելլէ եւ Արքի-Ատարօթի սահմանէն կ’անցնի
3
Ու արեւմտեան կողմէն Յեփալթիին սահմանը կ’իջնէ, մինչեւ վարի Բեթորոնին սահմանը ու մինչեւ Գազեր եւ ծովուն մէջ կը վերջանայ։
4
Յովսէփին որդիները՝ Մանասէն ու Եփրեմը՝ ժառանգութիւն առին։
5
Եփրեմի որդիներուն սահմանը իրենց տոհմերուն համեմատ այս եղաւ՝ այսինքն անոնց ժառանգութեան սահմանը արեւելեան կողմէն Ատարօթ-Ադար եղաւ մինչեւ վերի Բեթերոնը
6
Եւ այս սահմանը հիւսիսային կողմէն դէպի Մաքմեթաթ՝ ծովը կ’ելլէ ու այս սահմանը արեւելեան կողմէն մինչեւ Թէանթսելով կը պտըտի ու ետքը արեւելեան կողմէն Յանովէ կը մտնէ
7
Եւ Յանովէէն Ատարովթ ու Նաարա կ’իջնէ ու Երիքովին քովէն անցնելով Յորդանան կ’ելլէ։
8
Այս սահմանը Թափուայէն Կանա հեղեղատը կ’երթայ արեւմտեան կողմէն ու ծովուն մէջ կը վերջանայ։ Եփրեմի որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։
9
Նաեւ Եփրեմի որդիներուն համար զատուած քաղաքները Մանասէին որդիներուն ժառանգութեանը մէջ են, բոլոր քաղաքները իրենց գիւղերովը։
10
Անոնք Գազերի մէջ բնակող Քանանացիները չվռնտեցին ու Քանանացիները մինչեւ այսօր Եփրեմի մէջ բնակելով, հարկատու ծառաներ եղան։
← Chapter 15
Chapter 17 →