bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Job 17
Job 17
armenian-1853
1
«Շունչս կը կտրի, օրերս կը մարին, Գերեզմանը ինծի կը սպասէ ։
2
Չէ՞ որ ծաղր ընողներ կան իմ քովս, Անոնց գրգռութիւնը աչքիս առջեւ է։
3
Աղէ՜, քու քովդ ինծի երաշխաւոր մը դիր. Ո՞վ կայ որ իմ ձեռքս բռնէ։
4
Վասն զի դուն իմաստութիւնը անոնց սրտէն ծածկեցիր, Անոր համար պիտի չբարձրացնես զանոնք։
5
Ով որ իր բարեկամները կողոպտուելու կը մատնէ՝ ՝, Անոր տղոցը աչքերը պիտի նուաղին։
6
Զիս ժողովուրդներուն բերնի ծամոց ըրաւ, Անոնց առջեւ զզուելի եղայ։
7
Նաեւ աչքերս տրտմութենէն շլացան Ու մարմնիս բոլոր անդամները շուքի պէս եղան։
8
Ուղիղները այս բանին վրայ պիտի զարմանան Ու անմեղները պիտի յուզուին կեղծաւորին դէմ։
9
Ու արդարը հաստատ պիտի կենայ իր ճամբուն մէջ Եւ մաքուր ձեռք ունեցողը երթալով պիտի զօրանայ։
10
Բայց դուք ամէնքդ ալ դարձէ՛ք ու եկէ՛ք, Վասն զի ձեր մէջ իմաստուն մէկը չեմ գտներ։
11
Իմ օրերս անցան, Իմ դիտաւորութիւններս ու սրտիս խորհուրդները խափանուեցան։
12
Գիշերը ցորեկի փոխուեցաւ Ու լոյսը խաւարին մօտեցաւ՝ ՝։
13
Եթէ երկար սպասեմ գերեզմանին, որ իմ տունս պիտի ըլլայ, Անկողինս մթութեան մէջ փռեմ,
14
Եթէ ապականութեան աղաղակեմ՝ ըսելով. ‘Դուն իմ հայրս ես ’ Եւ որդերուն՝ ‘ Դուք իմ մայրս ու քոյրս էք ’,
15
Այն ատեն ո՞ւր է իմ յոյսս։ Իմ յոյսս ո՞վ պիտի տեսնէ։
16
Գերեզմանին առանձնութեանը մէջ պիտի իջնէ, Երբ մէկտեղ հողին մէջ հանգստանանք»։
← Chapter 16
Chapter 18 →