bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Job 12
Job 12
armenian-1853
1
Յոբ պատասխանեց.
2
«Արդարեւ ժողովուրդը դուք էք Ու իմաստութիւնը ձեզի հետ պիտի մեռնի։
3
Ես ալ ձեզի պէս խելք ունիմ, ես ձեզմէ նուաստ չեմ Ու այսպիսի բաներ ո՞վ չի գիտեր՝ ՝։
4
Իր բարեկամէն ծաղրուող մարդ մըն եմ ես. Բայց ով որ Աստուծոյ աղաղակէ, Աստուծմէ պատասխան պիտի առնէ։ Արդար ու կատարեալ մարդը ծաղր կ’ըլլայ։
5
Ոտքը սահելու վրայ եղողը, հանգիստ կեանք վարողին կարծիքին համաձայն՝ Անպիտան ջահ մըն է։
6
Գողերուն վրանները յաջողութեան մէջ են Ու Աստուած բարկացնողները ապահով են, Անոնց ձեռքը Աստուած առատութեամբ կը լեցնէ։
7
Բայց, աղէ՜, անասուններուն հարցուր, որպէս զի քեզի սորվեցնեն Ու երկնքի թռչուններուն՝ որպէս զի քեզի իմացնեն,
8
Կամ թէ երկրին ըսէ ու անիկա քեզի պիտի սորվեցնէ. Ծովուն ձուկերը անգամ քեզի պիտի պատմեն։
9
Ասոր հետ մէկտեղ ո՞վ չի գիտեր, Թէ ասիկա ընողը Տէրոջը ձեռքն է,
10
Որ ամէն ապրողի անձը Ու բոլոր մարդկային մարմնի հոգին իր ձեռքն ունի։
11
Միթէ ականջը խօսքերը չ’ո՞րոշեր, Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ։
12
Իմաստութիւնը ծերերուն քովն է Ու հանճարը՝ օրերուն շատութեանը մէջ։
13
Անոր քով է իմաստութիւնն ու զօրութիւնը։ Հանճարն ու իմաստութիւնը Անորն են։
14
Ահա Ան կը փլցնէ ու ա՛լ չի շինուիր։ Եթէ մէկուն վրայ գոցէ, ա՛լ չի բացուիր։
15
Ահա Անիկա ջուրերը կ’արգիլէ ու կը չորնան։ Ու զանոնք թող կու տայ ու երկիրը տակն ու վրայ կ’ընեն։
16
Զօրութիւնն ու հանճարը անոր հետ են։ Խաբուողն ու խաբողը անորն են։
17
Խորհրդականները կողոպտուած կը պտըտցնէ Ու դատաւորները կը յիմարացնէ։
18
Թագաւորներուն իշխանութիւնը կը քակէ Ու մէջքերնին չուան կը կապէ։
19
Նախարարները կողոպտուած կը պտըտցնէ Ու զօրաւորները կը կործանէ։
20
Հաւատարիմներուն շրթունքը կը պապանձեցնէ Ու ծերերուն խելքը կ’առնէ։
21
Ազնուականներուն վրայ անարգութիւն կը թափէ Ու հզօրներուն գօտին կը թուլցնէ։
22
Խորունկ բաները խաւարէն հանելով կը յայտնէ Ու մահուան ստուերը կը լուսաւորէ։
23
Ազգերը կը շատցնէ ու զանոնք կը կորսնցնէ. Ազգերը ասդին անդին կը տարածէ ու անոնց կ’առաջնորդէ։
24
Երկրի ժողովուրդներուն առաջնորդներուն խելքը կ’առնէ Ու ճամբայ չունեցող անապատներու մէջ կը մոլորեցնէ զանոնք։
25
Անոնք առանց լոյսի մութին մէջ խարխափելով կ’երթան Ու գինովներու պէս կը մոլորին»։
← Chapter 11
Chapter 13 →