bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Jeremiah 47
Jeremiah 47
armenian-1853
1
Տէրոջը խօսքը, որ Երեմիա մարգարէին եղաւ Փղշտացիներուն վրայով՝ դեռ Փարաւոն Գազանը չզարկած։
2
Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա հիւսիսէն ջուրեր կու գան, Որոնք յորդած հեղեղի պէս պիտի ըլլան Ու երկիրը եւ անոր լիութիւնը, Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի կոխեն. Մարդիկ պիտի աղաղակեն, Երկրին բոլոր բնակիչները պիտի ոռնան։
3
Անոր երիվարներուն սմբակներուն ձայնէն, Անոր կառքերուն շաչիւնէն, Անիւներուն շառաչիւնէն՝ Հայրերը իրենց տղոցը պիտի չնային Իրենց ձեռքերուն թուլնալուն համար,
4
Բոլոր Փղշտացիները կորսնցնելու Եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի Բոլոր մնացած օգնականները կոտորելու եղող օրուանը պատճառով, Քանզի Տէրը Փղշտացիները, Կափթոր կղզիին մնացորդները, պիտի կորսնցնէ։
5
Գազայի վրայ կնտութիւն եկաւ, Ասկաղոնը՝ իր հովտին մնացորդովը աւերակ եղաւ. Մինչեւ ե՞րբ քու մարմնիդ վրայ կտրածներ պիտի ընես։
6
Ո՛վ Տէրոջը սուրը, Մինչեւ ե՞րբ հանդարտ պիտի չկենաս։ Քու պատեանդ դարձիր, Հանգչէ՛ ու լռէ՛։
7
Ի՞նչպէս կրնայ հանդարտ կենալ. Երբ Տէրը անոր հրամայեր է, Ասկաղոնի ու ծովեզերքի դէմ Ղրկեր է զանիկա»։
← Chapter 46
Chapter 48 →