bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Jeremiah 45
Jeremiah 45
armenian-1853
1
Երեմիա մարգարէին խօսքը, որ Ներիային որդիին՝ Բարուքին խօսեցաւ, երբ անիկա այս խօսքերը Երեմիայի բերնէն գրքի մը մէջ դրեց, Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիային որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին ու ըսաւ.
2
«Ո՛վ Բարուք, Իսրայէլին Տէր Աստուածը քեզի համար այսպէս կ՛ըսէ.
3
‘Դուն ըսիր, Հիմա վա՜յ ինծի, վասն զի Տէրը իմ ցաւիս վրայ տրտմութիւն աւելցուց. իմ հեծութենէս յոգնեցայ ու հանգստութիւն չեմ գտներ»’։
4
Անոր այսպէս ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ շինածս պիտի փլցնեմ ու իմ տնկածս պիտի խլեմ, այսինքն այս բոլոր երկիրը։
5
Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր, քանզի ահա ես ամէն մարմնի վրայ չարիք պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը, բայց քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի տամ քու ամէն երթալու տեղերդ’»։
← Chapter 44
Chapter 46 →