bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Isaiah 64
Isaiah 64
armenian-1853
1
Երանի՜ թէ երկինքը ճեղքելով վար իջնէիր, Քու ներկայութենէդ լեռները հալէին։
2
Խռիւները՝ բռնկցնող կրակի պէս, Ջուրերը՝ եռացնող կրակի պէս, Որ քու անունդ թշնամիներուդ յայտնէիր Ու ազգերը քու երեսէդ դողային
3
Երբ այն սոսկալի բաները ըրիր, որոնց չէինք յուսար, Իջա՛ր եւ քու երեսէդ լեռները հալեցան։
4
Քանզի սկիզբէն ի վեր չլսուեցաւ ու ականջ չլսեց Եւ աչք չտեսաւ քեզմէ զատ ուրիշ Աստուած մը, Որ իրեն յուսացողներուն այսպիսի բաներ ընէ։
5
Անոնց հանդիպեցար, որոնք ուրախութեամբ արդարութիւն կ’ընեն Եւ քու ճամբաներուդ մէջ քեզ կը յիշեն։ Ահա բարկացար, վասն զի մեղք գործեցինք Եւ անոնց մէջ երկար ատեն մնացինք. արդեօք պիտի փրկուի՞նք։
6
Բայց ամէնքս պիղծ բանի պէս եղանք Ու մեր բոլոր արդար գործերը անմաքուր լաթի պէս են։ Ամէնքս տերեւի պէս կը թառամինք Ու մեր անօրէնութիւնները հովի պէս մեզ կը հեռացնեն։
7
Քու անունդ կանչող չկայ, Որ արթննայ ու քեզմէ ոյժ գտնէ, Քանզի քու երեսդ մեզմէ ծածկեցիր Ու մեր անօրէնութիւններուն պատճառով մեզ մաշեցուցիր։
8
Բայց հիմա, ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։ Մենք կաւ ենք ու դուն մեր Բրուտն ես։ Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք։
9
Շատ մի՛ բարկանար, ո՛վ Տէր Ու մեր անօրէնութիւնը յաւիտեան մի՛ յիշեր։ Ահա նայէ՛, կաղաչենք, ամէնքս քու ժողովուրդդ ենք։
10
Սուրբ քաղաքներդ անապատ եղան, Սիօն անապատ եղաւ, Երուսաղէմ աւերակ եղաւ։
11
Մեր սուրբ ու փառաւոր տունը, Որուն մէջ մեր հայրերը քեզ կ’օրհնէին, Հրոյ ճարակ եղաւ։ Մեր բոլոր ցանկալի տեղերը ամայացան։
12
Դեռ ինքզինքդ պիտի զսպե՞ս, ո՛վ Տէր, Տակաւին պիտի լռե՞ս ու մեզ խիստ շատ պիտի նեղե՞ս։
← Chapter 63
Chapter 65 →