bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Isaiah 50
Isaiah 50
armenian-1853
1
Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ո՞ւր է ձեր մօրը ապահարզանի թուղթը, Որով ես զանիկա արձակեցի. Կամ ո՞վ է այն պարտատէրս, Որուն ես ձեզ ծախեցի։ Ահա դուք ձեր անօրէնութիւններուն համար ծախուեցաք Ու ձեր մայրը ձեր յանցանքներուն համար արձակուեցաւ։
2
Ինչո՞ւ համար իմ եկած ատենս մարդ մը չկար Ու կանչած ատենս պատասխան տուող մը չկար։ Միթէ իմ ձեռքս կարճըցա՞ւ, որ փրկելու կարող չըլլամ, Կամ թէ ազատելու զօրութիւն չունի՞մ։ Ահա ես սաստելով ծովը կը ցամքեցնեմ, Գետերը անապատի կը դարձնեմ, Անոնց ձուկերը ջուր չըլլալուն համար կը հոտին Ու ծարաւէն կը մեռնին։
3
Երկինքներուն խաւար կը հագցնեմ։ Ու ծածկոցի համար անոնց վրայ քուրձ կը դնեմ»։
4
Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, Որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։ Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ, Անիկա իմ ականջս կը բանայ, Որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ։
5
Տէր Եհովան իմ ականջս բացաւ Ու ես անհնազանդ չեղայ, ետ չդարձայ։
6
Իմ կռնակս զարնողներուն Եւ այտերս փետտողներուն տուի. Իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի,
7
Բայց Տէր Եհովան ինծի կ’օգնէ, Անոր համար ամօթապարտ պիտի չըլլամ, Անոր համար իմ երեսս գայլախազի պէս ըրի Ու գիտեմ թէ պիտի չամչնամ։
8
Զիս արդարացնողը մօտ է։ Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի։ Միասին մէջտեղը կենանք։ Իմ դատախազս ո՞վ է։ Թող ինծի մօտենայ։
9
Ահա Տէր Եհովան ինծի պիտի օգնէ։ Ո՞վ զիս յանցաւոր պիտի հանէ։ Ահա ամէնքը հանդերձի պէս պիտի մաշին, Ցեցը պիտի ուտէ զանոնք։
10
Ձեր մէջ Տէրոջմէն վախցող, Անոր ծառային ձայնին մտիկ ընող կա՞յ, Որ մութի մէջ կը քալէ ու բնաւ լոյս չունի։ Թող անիկա Տէրոջը անուանը ապաւինի Ու իր Աստուծոյն կռթնի։
11
Ահա դուք ամէնքդ, որ կրակ կը վառէք Ու կայծերով կը շրջապատուիք, Ձեր կրակին լոյսովը Ձեր վառած կայծերուն մէջ քալեցէք։ Ասիկա ձեզի իմ ձեռքովս պիտի ըլլայ, Դուք տրտմութեամբ պիտի պառկիք։
← Chapter 49
Chapter 51 →