bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Isaiah 20
Isaiah 20
armenian-1853
1
Երբ Տարաթան Ասորեստանի Սարգոն թագաւորէն զրկուելով՝ Ազովտոս գնաց ու Ազովտեսին դէմ պատերազմեցաւ ու առաւ,
2
Այն ժամանակ Տէրը Ամովսի որդիին Եսայիին միջոցով խօսեցաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, մէջքէդ քուրձդ հանէ՛ ու ոտքերէդ կօշիկներդ»։ Անիկա այնպէս ըրաւ եւ սկսաւ մերկ ու բոկոտն շրջիլ։
3
Տէրը ըսաւ. «Ինչպէս իմ ծառաս Եսայի երեք տարի մերկ ու բոկոտն շրջեցաւ, որպէս զի Եգիպտոսի ու Եթովպիայի համար նշան ու ցոյց ըլլայ,
4
Այնպէս ալ Ասորեստանի թագաւորը Եգիպտացիները պիտի գերէ ու Եթովպիացիները պիտի աքսորէ երիտասարդներն ու ծերերը՝ մերկ, բոկոտն եւ իրենց ամօթոյքը բաց՝ Եգիպտոսի նախատինք պիտի ըլլան։
5
Անոնք պիտի սոսկան ու ամչնան Եթովպիայէն, որ իրենց ապաւէնն էր ու Եգիպտոսէն, որ իրենց փառքն էր։
6
Այն օրը այս ծովեզերեայ երկրին բնակիչները պիտի ըսեն. ‘Ահա այսպէս եղաւ մեր ապաստանարանը՝ ուր մենք Ասորեստանի թագաւորին երեսէն ազատելու համար ու օգնութիւն գտնելու համար փախանք։ Ուրեմն մենք ի՞նչպէս պիտի ազատինք’»։
← Chapter 19
Chapter 21 →