bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Isaiah 15
Isaiah 15
armenian-1853
1
Մովաբին պատգամը։ Յիրաւի Մովաբին Ար քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ. Յիրաւի Մովաբին Կիր քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ։
2
Անիկա տաճարն ու Դեբոն Եւ բարձր տեղերը ելաւ լալու համար։ Մովաբ պիտի ողբայ Նաբաւի ու Մեդաբայի համար։ Անոր բոլոր գլուխները կնտակ պիտի ըլլան, Ամէն մօրուք պիտի կտրուի։
3
Անոր փողոցներուն մէջ քուրձ պիտի հագնին, Անոր տանիքներուն ու հրապարակներուն մէջ Ամէնքը պիտի ողբան ու լան,
4
Եսեբոնն ու Եղէաղէն պիտի աղաղակեն։ Անոնց ձայնը մինչեւ Յասսա պիտի լսուի։ Անոր համար Մովաբին սպառազէնները պիտի կոծեն, Իրենց հոգին պիտի խռովուի։
5
Իմ սիրտս Մովաբին համար պիտի աղաղակէ։ Անոր փախստականները երեք տարեկան երինջի պէս մինչեւ Սեգովը պիտի փախչին. Քանզի Ղուիթին զառիվերէն լալով պիտի ելլեն, Վասն զի Որոնայիմի ճամբան կոտորածի աղաղակ պիտի հանեն։
6
Քանզի Նեմերիմին ջուրերը կ’աւրուին, Քանզի խոտը կը չորնայ, կանանչ խոտը կը հատնի Ու կանանչեղէն չի մնար։
7
Անոր համար իրենց ստացած հարստութիւնը Ու բոլոր պահածնին ուռիներուն ձորը պիտի տանին.
8
Քանզի աղաղակը շրջապատեց Մովաբին սահմանը։ Անոր ողբը՝ մինչեւ Եգլայիմ, Անոր ողբը մինչեւ Բերելիմ հասաւ ։
9
Քանզի Դեմոնին ջուրերը արիւնով պիտի լեցուին. Քանզի Դեմոնին վրայ աւելի չարիք Ու Մովաբէն ազատուածներուն Ու երկրին մնացորդին վրայ առիւծներ պիտի ղրկեմ։
← Chapter 14
Chapter 16 →