bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Hosea 14
Hosea 14
armenian-1853
1
Ո՛վ Իսրայէլ, քու Տէր Աստուծոյդ դարձիր, Քանզի քու անօրէնութեանդ պատճառով գլորեցար։
2
Այս խօսքերը ձեզի հետ առէք ու Տէրոջը դարձէ՛ք. Անոր ըսէ՛ք. «Ամէն անօրէնութիւն վերցո՛ւր Եւ բարութիւնը ընդունէ՛ Ու մեր շրթունքներուն պտուղները պիտի մատուցանենք։
3
Ասորեստանցին մեզ պիտի չփրկէ. Ձիերու վրայ պիտի չհեծնենք Ու անգամ մըն ալ մեր ձեռքերուն գործին՝ ‘Մեր Աստուածն ես’ պիտի չըսենք, Քանզի որբը քեզմէ ողորմութիւն կը գտնէ»։
4
Անոնց անհաւատութիւնը պիտի բժշկեմ, Զանոնք յօժարութեամբ պիտի սիրեմ։ Քանզի իմ բարկութիւնս անոնցմէ վերցուեցաւ։
5
Իսրայէլին ցօղի պէս պիտի ըլլամ, Անիկա շուշանի պէս պիտի ծաղկի Եւ իր արմատները Լիբանանի եղեւիններուն պէս պիտի արձակէ։
6
Անոր ճիւղերը պիտի տարածուին, Անոր վայելչութիւնը ձիթենիի պէս պիտի ըլլայ, Անոր անուշահոտութիւնը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։
7
Անոնք իմ հովանիիս տակ պիտի բնակին, Պարտէզի պէս պիտի կենդանանան Ու որթատունկի պէս պիտի բողբոջին։ Անոր յիշատակը Լիբանանի գինիին պէս պիտի ըլլայ։
8
Եփրեմ պիտի ըսէ. «Կուռքերու հետ ի՞նչ գործ ունիմ»։ Ես անոր խնդրանքը լսեցի ու անոր խնամք տարի. Ես կանանչ մայրի ծառի պէս եմ, Քու պտուղը ինծմէ է։
9
Ո՞վ է իմաստուն, որ ասոնք հասկնայ, Կամ խոհեմ, որ ասոնք գիտնայ։ Քանզի Տէրոջը ճամբաները շիտակ են, Արդարները անոնց մէջ պիտի քալեն. Բայց յանցաւորները անոնց մէջ պիտի գլորին։
← Chapter 13