bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
Ezekiel 15
Ezekiel 15
armenian-1853
1
Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2
«Որդի՛ մարդոյ, որթատունկին փայտը ի՞նչ առաւելութիւն ունի ուրիշ փայտերէ, Այսինքն այնպիսի ճիւղ մը, որ անտառի ծառերուն մէջ է։
3
Միթէ ան իբր փայտ կ’առնուի՞, բանի մը գործածելու համար. Կամ թէ անկէ ցից մը կը շինուի՞, անկէ աման մը կախելու համար։
4
Ահա կրակի մէջ կը նետուի, անոր կերակուր ըլլալու համար։ Կրակը անոր երկու ծայրերը կ’ուտէ Ու մէջը կ’այրէ։ Միթէ անիկա բանի մը օգտակար կ’ըլլա՞յ։
5
Ահա անիկա ողջ եղած ատենը բանի մը չի ծառայեր. Ալ ո՞ւր մնաց որ անիկա բանի մը օգտակար ըլլայ, Երբ կրակը զանիկա սպառէ եւ հատցնէ։
6
Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Անտառին փայտերուն մէջ ինչպէս է որթատունկին փայտը, Որ կրակին տուի կերակուրի համար, Այնպէս ալ Երուսաղէմի բնակիչները տուի։
7
Իմ երեսս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ. Անոնք մէկ կրակէն պիտի ազատին, Բայց ուրիշ կրակ մը զանոնք պիտի ուտէ։ Երբ իմ երեսս անոնց վրայ հաստատեմ, Պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։
8
Եւ իրենց անհաւատարմութեան համար Երկիրը ամայի պիտի ընեմ’»։
← Chapter 14
Chapter 16 →