bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
armenian-1853
/
2 Chronicles 27
2 Chronicles 27
armenian-1853
1
Յովաթամ քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յերուսա էր ու Սադովկին աղջիկն էր։
2
Իր հօրը Ոզիային բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ. բայց Տէրոջը տաճարը չմտաւ ու ժողովուրդը տակաւին ապականած էր։
3
Ասիկա Տէրոջը տանը ամենէն բարձր դուռը շինեց ու Ոփաղի պարսպին վրայ շատ բաներ շինեց։
4
Յուդայի լեռնակողմը քաղաքներ ու անտառներու մէջ բերդեր ու աշտարակներ շինեց։
5
Անիկա Ամմոնին որդիներուն եւ թագաւորին հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց յաղթեց եւ նոյն տարին Ամմոնին որդիները հարիւր տաղանդ արծաթ ու տասը հազար քոռ ցորեն եւ տասը հազար քոռ գարի տուին անոր։ Նոյնպէս երկրորդ ու երրորդ տարին ալ Ամմոնին որդիները նոյն բաները բերին։
6
Յովաթամ զօրացաւ, վասն զի իր ճամբաները իր Տէր Աստուծոյն առջեւ շտկեց։
7
Յովաթամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր պատերազմները ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներու գրքին մէջ գրուած են։
8
Անիկա թագաւոր եղած ատենը քսանըհինգ տարեկան էր ու տասնըվեց տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։
9
Յովաթամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին եւ անոր որդին Աքազ անոր տեղ թագաւորեց։
← Chapter 26
Chapter 28 →